2013-09-30 13:41:39

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին 30 Սեպտեմբերի Գործունէութիւնը` ''Խաղաղութեան Միջազգային Հաւաքի'' Մասնակիցներուն Հետ Հանդիպում։


Երկուշաբթի 30 սեպտեմբերի առաւօտեան ժամը 10-ին, Առաքելական Պալատի Գոնչիսդորօ Սրահին մէջ, ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը նախագահեց Կարտինալական հրապարակային խորհրդաժողովը որուն ընթացքին որոշուեցաւ Երանելի Յովհաննէս ԻԳ-ի եւ Երանելի Յովհաննէս Պօղոս Բ-ի սրբադասման թուականը` 27 ապրիլ 2014։

Կարտինալական խորհրդաժողովէն ետք Սրբազան Հայրը իր գրասենաեկի մէջ ընդունեց Աղեքսանդրիոյ եւ Համայն Ափրիկէի Յոյն Օրթոտոքս Պատրիարք` Թէոտորոս Բ. ու անոր ընկերացող շքախումբը, հուսկ Գլեմենդինա Սրահին մէջ ունկնդրութիւն շնորհեց Սանդ Էճիտիոյ հասարակութեան նախաձեռնութեամբ կազմակերպուած` ''Խաղաղութեան Միջազգային - միջեկեղեցական - Հաւաքի'' 300 մասնակիցներուն ու անոնց ուղղած իր ճառին մէջ քաջալերեց ''Սանդ Էճիտիոյ հասարակութեան'' յանձնառումն ու յարատեւութիւնը, հետեւելով երջանկայիշատակ Յովհաննէս Պօղոս Բ-ի նախագծած ճանապարհին, միշտ վառ պահելու Յոյսի ճրագը, աղօթելով եւ գործելով ի սպաս խաղաղութեան''։

Այսօր եւս, ինչպէս 1986-ին, աշխարհը պէտք ունի ''Ասիզիի Հոգիին'' - ըսաւ Սրբազան Հայրը - որովհետեւ աշխարհը խիստ պէտք ունի խաղաղութեան։ Չենք կրնար անտարբեր մնալ ի տես ամբողջ ազգի մը ցաւերուն` մանուկներու, ընտանիքներու եւ ծերերու տառապանքներուն։ Չենք կրնար թոյլատրել որ ահաբեկչութիւնը տիրապետէ քիչերու սրտերուն վրայ որոնք մահ եւ աւերում կը սերմանեն։Եւ յատկապէս ամէնքս միասնականութեամբ եւ շարունակական կերպով հաստատելու ենք թէ բռնութիւններուն ոչ մէկ կրօնական արդարացում ընդունելի է։
Խաղաղութիւնը մեր բոլորին պատասխանատուութիւնն է եւ կրօնական առաջնորդ մը միշտ ըլլալու է խաղարարար որովհետեւ խաղաղութեան պատուէրը հոս ներկայ գտնուող բոլոր կրօններու աւանդութեան հիմնական մասնիկ է։
Աշխարհի եւ ընկերութիւններուն մէջ նուազ խաղաղութիւն կայ երկխօսութեան պակասի պատճառաւ։ Խաղաղութիւնը կը կարօտի յարատեւ, համբերող, զօրեղ եւ խելացի երկխօսութեան որ կարող է յաղթահարել պատերազմը։
Երկխօսութիւնը համատեղ կ՛ապրեցնէ տարբեր սերունդներու պատկանող անհատներ, տարբեր ցեղերու եւ ազգերու ժողորուրդներ։ Երկխօսութիւնը խաղաղութեան ճանապարհն է որովհետեւ համերաշխութիւն, ներդաշնակութիւն եւ խաղաղութիւն կը յառաջացնէ։ Ասոր համար հարկ է որ երկխօսութիւնը աճի, զարգանայ եւ հասնի ամէն խաւի եւ սկզբունքի տէր մարդոց, որպէս` խաղաղութեան ցանց մը որ պահպանէ աշխարհն ու տկարները։
Կրօնապետերը կանչուած են ըլլալու իսկական ''երկխօսներ'', եւ գործելու խաղաղութեան կառուցման ի սպաս, ո՛չ որպէս գործակատարներ այլ որպէս իսկական միջնորդներ, որովհետեւ միջնորդը վեհանձնօրէն եւ առանց շահ ակնկալելու կ՛աշխատի ձգտիլ իր նպատակին որ է խաղաղութիւնը։
Մեզմէ ամէն մէկը կանչուած է ըլլալու ''խաղարար'', միացնելու եւ ոչ թէ բաժնելու, ատելութիւնը խափանելու եւ երկխօսութեան դռները բանալու։
Նորին Սրբութիւնը ապա խօսքը եզրափակեց հաստատելով թէ ''Երկխօսութիւնը եւ աղօթքը իրար միացած են սերտօրէն'' ու հրաւիրեց ''շարունակել աղօթել աշխարհի, Սուրիոյ եւ միջին արեւելքի խաղաղութեան համար։ Որպէսզի խաղաղութեան քաջութիւնը յառաջացնէ յոյսի քաջութիւն աշխարհին ու բոլոր անոնց որ կը տառապին պատերազմի հետեւանքով։ Ամենակալ Աստուած որ մեր աղօթքները կը լսէ թող առաջնորդէ խաղաղարար մեր քայլերը։







All the contents on this site are copyrighted ©.